
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Փարակուէյի, Պրազիլի եւ Վենեզուելայի դեսպանները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանան հասնող սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ Պասիլ մաղթեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին կառավարութեան տուած որոշումները շօշափելի արդիւնքներու յանգին:


