
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆաթհ Ալի շեշտեց, որ Հըս վարչապետի պաշտօնը վարելու ընթացքին բազմաթիւ շինիչ կեցուածքներով տպաւորած է Թեհրանը, որ բարձր կը գնահատէ անոր ազգային կեցուածքները, յատկապէս Դիմադրութեան զօրակցող իր տեսակէտները եւ Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու անոր ջանքերը:
Ֆաթհ Ալի հաստատեց, որ Իրան նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանանի տրամադրուած իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը ընդունուի, ապա անիկա պիտի ըլլայ նախաքայլը` Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանեան բանակին հետ Թեհրանի երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւններուն ամրապնդումին:


