
«ՍելամՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքու այցելող Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից եօթը շրջաններուն մէջ երբեք հայեր չեն ապրած:
«Ղարաբաղեան տագնապը երկար պատմութիւն ունի: Ատիկա հիմնախնդիր է ոչ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար: Այդ տագնապը սկսած է Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն: Ազրպէյճանցիներուն դէմ կատարուած ցեղային զտումներու քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք մենք այսօր մէկ միլիոն գաղթական եւ տեղահանուած ունինք: Լեռնային Ղարաբաղը վերածուած է բացարձակապէս միատարր կառոյցի մը, այնտեղ ոչ մէկ ազրպէյճանցի չէ մնացած: Իսկ նախքան տագնապը ազրպէյճանցիները այնտեղ բնակչութեան քսան առ հարիւրը կը կազմէին: Լեռնային Ղարաբաղի յարակից եօթը շրջաններէն, որոնք երբեք Ղարաբաղի մաս չեն կազմած եւ ուր երբեք հայեր չեն ապրած, վտարուած է շուրջ 700 հազար ազրպէյճանցի», ըսած է Ալիեւ:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սթաթիւս քոյի պահպանման մէջ Հայաստանը մեղադրելով` Ալիեւ ըսած է, որ «անոնք կ՛ուզեն լքել գրաւեալ տարածքները եւ բանակցային հոլովոյթին մէջ կը փորձեն Լեռնային Ղարաբաղին համար անկախութիւն ապահովել: Սակայն պատմական Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Հայաստանի մաս չէ կազմած: Եւ երկրորդ, անիկա կը գտնուի Ազրպէյճանի կեդրոնը: Ներկայ պահուն անիկա չվերահսկուող տարածք է: Ինչ կը վերաբերի միջնորդներու եւ Ազրպէյճանի առաջարկներուն, ատիկա փոխզիջումներու վրայ հիմնուած արդար մօտեցում է: Ատոր իբրեւ արդիւնք բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կարելի է շնորհուի ինքնավարութեան բարձր մակարդակ, եւ միեւնոյն ժամանակ պիտի վերականգնուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Միւս կողմէ, ըստ ազրպէյճանցի երեսփոխան Էլհան Սուլէյմանովի, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամները այցելած են Պաքուի հայկական եկեղեցին: Ան նշած է, որ հայկական եկեղեցի այցելելէ ետք եւրոպացի խորհրդարանականները անգամ մը եւս համոզուած են, որ «Ազրպէյճանի մէջ կրօնական եւ ազգային խտրականութիւն գոյութիւն չունի»:


