Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանին Մէջ Տագնապը Քաղաքական Է Եւ Ոչ Թէ Յարանուանական» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

November 4, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սէյիտ Հասան Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան յանկարծ յայտնուեցաւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուած Աշուրայի հաւաքին, որուն ընթացքին ան արտասանեց համեմատաբար երկար ճառ մը:

Իր խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շրջանին մէջ տագնապը քաղաքական է եւ ոչ թէ յարանուանական, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը պատրաստ է երկարաձգելու խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը շրջանային ուժերուն տրամադրութեան տակ չզետեղեն:

Ան յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը կարելի է լուծել երկխօսութեան ու խորհրդակցութեան միջոցով եւ ոչ թէ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու վրայ գրաւ դնելով:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շրջանին մէջ տիրող իրարանցումին հիմնական պատճառը Արեւմուտքն է, որ տագնապը այլ ձեւով կը փորձէ մեկնաբանել: Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս հանգրուանը գիտակցութեան եւ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կարիք ունի` աւելցնելով, որ իրենց պայքարը ամերիկեան եւ իսրայէլեան բռնատիրական վարչակարգերուն եւ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ շրջանին տագնապը սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններու հարց չէ, որովհետեւ հաւատադրժողական շարժումները ոչ միայն ատելութիւն կը տածեն շիի յարանուանութեան նկատմամբ, այլեւ` իրենց հակառակող կամ զիրենք մերժող բոլոր յարանուանութիւններուն կամ համայնքներուն նկատմամբ:

«Սուրիոյ տագնապը համայնքային չէ, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ արձանագրուած բախումները կը փաստեն այդ իրականութիւնը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան յայտնեց, որ շրջանին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները պիտի ճշդեն այդ շրջանի բնակիչներուն ճակատագիրը:

Սէյիտ Նասրալլա երկար խօսեցաւ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն մասին եւ այս շրջագիծին մէջ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են թէ՛ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու եւ թէ՛ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու: Ան զգուշացուց խորհրդարանին պարագային ստեղծուելիք անիշխանութենէն` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանին դէմ ծանր հարուած պիտի ըլլայ:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ ինք համաձայն է Մուսթաքպալ հոսանքին հետ երկխօսութիւն կատարելու:

Ապահովական առումով, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին մատուցուած բոլոր օժանդակութիւններուն, որոնց մէջ նաեւ իրանեան օժանդակութեան: «Պէտք է ընդունիլ լիբանանեան բանակին մատուցուած իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա բարձր գնահատեց Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ անոր նախագահին կեցուածքը` ընդգծելով, որ այդ կեցուածքը հիմնական ազդակ էր Թրիփոլիի մէջ վերջին թակարդը շրջանցելու:

Առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին մասին սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ հարցը բարդ է, եւ լիբանանեան պետութիւնն ու կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն զայն լուծելու համար:

 

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց Ահմետ Խալաֆը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.