
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին Աուն ողջունեց հանրապետութեան միւֆթին` շեշտելով, որ Տար Ֆաթուան միայն սիւննի համայնքին չի պատկանիր, շիիներու գերագոյն խորհուրդը միայն շիի համայնքին չի պատկանիր, իսկ պատրիարքարանները միայն քրիստոնեաներուն չեն պատկանիր, «մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք իբրեւ տարբեր շրջանակներու մէջ եղող մէկ ժողովուրդ, որուն կը միացնէ սէրը, խաղաղութիւնը եւ ներողամտութիւնը», ըսաւ Էլիաս Աուն:
Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ իսլամական կրօնին մէջ ծայրայեղութիւն եւ ահաբեկչութիւն չկայ, այլ` ներողամտութեան, սիրոյ եւ ողորմութեան բաց հրաւէր` իսլամներուն եւ այլոց միջեւ:
Հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ սիւննի համայնքը չի կրնար ըլլալ ուրիշ բան, բացի բոլորին երաշխիքը ըլլալէ` արդար պետութիւն մը հիմնելու առումով:
Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ Ազհարի մէջ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին քրիստոնէական-իսլամական խորհրդաժողով մը պիտի գումարուի` Լիբանանի եւ իսլամական աշխարհի մակարդակով:


