
«Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» կը հաղորդէ, որ սպանացի հնագէտները պիտի վերսկսին գերեզմանի փնտռտուքները բանաստեղծ Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի, որ, ինչպէս կ՛ենթադրուի, 1936-ին Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը գնդակահարուած եւ թաղուած է հաւաքական գերեզմանոցի մը մէջ:
Ըստ հարաւային Սպանիոյ Անտալուզիոյ շրջանային կառավարութեան ներկայացուցիչ Լուիսա Նարանխոյի, փնտռտուքները պիտի սկսին 17 նոյեմբերին` Կրանատա քաղաքէն ոչ հեռու:
Նախագիծին նպատակն է փնտռել աճիւնները քաղաքացիական պատերազմի զոհերու, ներառեալ` Լորքայի:
Լորքան Սպանիոյ մէջ քսաներորդ դարու ամէնէն հռչակաւոր բանաստեղծներէն է: Ան տասնեակ հազարաւոր խաղաղ բնակիչներու շարքին սպաննուած է զինեալներու կողմէ:


