Ապահովական միջոցառումներ որդեգրելու շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց ձերբակալել յանցագործները, ինչպէս նաեւ գրաւել զէնքերը եւ վնասազերծել ահաբեկիչներուն կողմէ լարուած ականները:
Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ բանակի մէկ զօրամասը նկատեց կասկածելի շարժումներ` մարդոց, որոնք սնտուկներ կը փոխադրէին:
Բանակայինները անմիջապէս ներխուժեցին այդ վայրը, ուր գտան մեծ թիւով զէնքեր, գնդացիրներ, փամփուշտներ, արձակազինութեան յատուկ զէնքեր, համակարգիչ, նռնականետեր, ձեռնառումբեր եւ այլ զինամթերք:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ աւելի ուշ ի յայտ եկած է, թէ գրաւուած զէնքերը կը պատկանին շէյխ Պիլալ Տըքմաքի:
Գրաւուած այդ զէնքերը փոխանցուեցան համապատասխան մարմիններուն, եւ այդ մասին բացուեցաւ հետաքննութիւն:
Շէյխ Տըքմաք, որ կը գտնուի Թուրքիա, երէկ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ այդ զէնքերը հին են եւ կը գտնուին իր հօրենական բնակարանին մէջ` աւելցնելով, որ երբ ինք Լիբանան վերադառնայ, այդ հարցով պիտի այցելէ բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Նոյն ընթացքին Տըքմաք հաստատեց, որ այդ զէնքերը ինք պահած է իսլամ քարոզիչ Իսլամ Շահհալի համար:
Բանակը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեց նաեւ 8 լիբանանցիներ, որոնք նախապէս բանակը գնդակոծած էին եւ անոր կեդրոնները ձեռնառումբերու թիրախ դարձուցած:
Բանակը ձերբակալեց նաե 6 սուրիացիներ, որոնք առանց օրինական փաստաթուղթերու կը շրջէին Լիբանանի մէջ:
Պապ Թըպպանէի մէջ կասկածելիներու բնակարանները ներխուժելու գործողութիւններուն շրջագիծին մէջ բանակը բացայայտեց լարուած հրթիռ մը, ինչպէս նաեւ հինգ ականներ, որոնք անմիջապէս վնասազերծուեցան բանակին սակրաւորներուն կողմէ:
Բանակը Աքքարի մէջ ներխուժեց բանակէն անջատուած եւ ապա Տըննիէի մէջ սպաննուած բանակային Ապտել Քատեր Աքքումիի բնակարանը, ուր անոնք փնտռեցին անոր եղբայրը` Խալետ Աքքումին, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետեւորդ է:
Բանակը Հալպայի մէջ ներխուժեց Եհիա Հոպլոսի բնակարանը, ուրկէ գրաւեց զէնք եւ զինամթերք, ինչպէս նաեւ ձերբակալեց Ֆատի Իպրահիմը եւ Ֆուատ Հոպլոսը, որոնք ահաբեկչութեան յանցանքով ամբաստանուած շէյխ Խալետ Հոպլոսի հետեւորդներ են:


