«Ակօս» կը հաղորդէ, որ 1974-ին Թուրքիոյ հայ համայնքէն բռնագրաւուած տարածքը, ուր այժմ մարզահամալիր եւ կառատուն կը գտնուի, 22 յունուար 2014-ին վերադարձուած էր Ս. Փրկիչ հայկական հիմնադրամին, որ 40 տարուան ընդմիջումէն ետք ստացած էր տարածքի սեփականութեան վկայականը: Սակայն ատկէ ետք Զէյթունպուռնուի համայնքապետարանը սկսած էր ջանքեր գործադրել տարածքը հայերուն չվերադարձնելու համար:
Ան շուրջ 8 հազար քառակուսի մեթր տարածքը հանրապարտէզի վերածելու պահանջով դիմած էր Պոլսոյ քաղաքապետարան, ուր փոփոխութիւն տեղի ունեցած էր, եւ տարածքը հանրապարտէզի տարածք անուանուած էր:
Ս. Փրկիչ հիմնադրամը ընդդիմացած էր քաղաքապետարանի այս որոշումին: Հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդին տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այդ տարածքը մինչեւ իրենց վերադարձուիլը առեւտրական տարածք եղած է եւ փոփոխութեան ենթարկուած է իրենց վերադարձուելէ ետք:
Հիմնադրամի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու կը պնդէ, որ քաղաքապետարանին այդ քայլը անօրինական է, եւ իրենք կը պատրաստուին դատարան դիմելու:


