Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոչ Իշխանական Եռեակի Հանրահաւաք. Իշխանափոխութեան Միասնական Ճամբու Քարտես Չներկայացուեցաւ

October 27, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1024_Rally1Հայաստանի ոչ իշխանական եռեակը անցեալ ուրբաթ օր Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացուց իր հերթական հանրահաւաքը:

Ոչ իշխանական եռեակը հանրահաւաքին ընթացքին դարձեալ չներկայացուց իշխանափոխութեան միասնական ճամբու քարտես եւ ժամանակացոյց: Կ՛ակնկալուէր, որ յառաջիկայ գործողութիւններու ծրագիրը կը հնչէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավարի ելոյթին մէջ: Սակայն Գագիկ Ծառուկեան, յայտնեց, որ իշխանափոխութիւն պիտի պարտադրեն, եթէ մերժուին «համաժողովրդական շարժման» պահանջները:

Հանրահաւաքին միացած ազատամարտիկները առաջարկած էին նստացոյցի սկսիլ Ազատութեան հրապարակին վրայ: Գագիկ Ծառուկեան մերժեց այդ տարբերակը` նշելով, որ եռեակը պէտք է քննարկէ առաջարկը:

Փոխարէնը Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավարը հանրահաւաքի հազարաւոր մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ ամբողջ Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուին շարժման կառոյցներ:

Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան, մինչդեռ, կրկին պնդեց, որ եռեակի օրակարգին մէջ Սերժ Սարգսեանի անյապաղ պաշտօնանկութիւնն է: Հայաստանի առաջին նախագահը, սակայն, ճիշդ չնկատեց բանալ խաղաքարտերը, հրապարակել մարտավարութիւնը:

Եռեակի երրորդ կուսակցութեան` Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեանն ալ յստակացուց` մինչեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը` 24 ապրիլ 2015, Սերժ Սարգսեան պէտք է հրաժարական տայ:

Հանրահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ երթ մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներով: Յաջորդ հանրահաւաքի օրը չհրապարակուեցաւ:

 

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Մէջ Սկսած Բախումները Հասան Պհանին, Ուր Բանակը Սպաննեց Ու Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Հետեւորդ Ահաբեկիչները Եւ Գրաւեց Ականուած Ինքնաշարժներ, Զէնք Եւ Զինամթերք

Յաջորդը

Էթիեն Մահչուփեան Նշանակուած Է Թուրքիոյ Վարչապետի Գլխաւոր Խորհրդական

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.