Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սահմանադրական Բարեփոխումներու Հայեցակարգը Յառաջիկային Քաղաքական Քննարկումներու Հանգրուան Պիտի Անցնի» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան

October 25, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1024SerjSargsianՆախագահ Սերժ Սարգսեան արդարադատութեան հիմնահարցերուն նուիրուած երեւանեան 19-րդ միջազգային խորհրդաժողովին մասնակիցներուն յղած ուղերձին մէջ ըսած է. «Ուրախ եմ, որ սահմանադրական արդարադատութեան հիմնախնդիրներուն նուիրուած երեւանեան խորհրդաժողովները, բարի աւանդութիւն  ըլլալէ  բացի, միջազգային կարեւորութիւն նուաճած են:   Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական զարգացումներուն շուրջ քսանամեայ նորագոյն պատմութիւնը կը վկայէ, որ իրաւական, ժողովրդավարական պետութեան հաստատման համար իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւորումը այլընտրանք չունի: Իսկ վերջինս չի կրնար ըլլալ սոսկ բարի ցանկութիւն: Ատիկա կը պահանջէ սահմանադրական համարժէք լուծումներ, ներդաշնակ եւ գործուն իրաւական համակարգ, արդիւնաւէտ գործող կառուցակարգեր, իրաւական մտածողութեան եւ իրաւական մշակոյթի անհրաժեշտ միջավայր: Այս ամէնը մէկ անգամէն եւ մէկ օրուան մէջ տեղի չ՛ունենար: Յաջողութիւն կարելի է ակնկալել այն պարագային, երբ իրաւունքի գերակայութեան երաշխաւորումը պետական քաղաքականութեան օրակարգի կարեւորագոյն խնդիր դարձած է, երբ քաղաքական մտածողութիւնը շարժիչ ուժն է, երբ անձի արժանապատուութիւնը անոր ամէնօրեայ ընկերային դրսեւորումներու անբաժան եւ երաշխաւորուած ուղեկիցն է»: Նախագահ Սարգսեան նաեւ նշած է, որ «մեզի համար քննութեան առարկայ հիմնախնդիրը աւելի կարեւոր կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռնամուխ եղած է կարեւոր սահմանադրական բարեփոխումներու: Միայն օրեր առաջ մասնագիտական յանձնախումբը ներկայացուցած է սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը, որ քննարկուած եւ ընդունուած է նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի  լիագումար նիստին մէջ եւ յառաջիկային քաղաքական քննարկումներու հանգրուան պիտի անցնի: Դժուար է վերջին 20-25 տարուան մէջ  մեծ փորձութիւններ դիմակայող եւ արմատապէս վերափոխուող հասարակական համակարգին համար պնդել, թէ ժողովրդավարութիւնը հաստատուն եւ ցանկալի հիմքերու վրայ է, մարդկային իրաւունքները յուսալիօրէն երաշխաւորուած եւ պաշտպանուած են, առկայ է արդիւնաւէտ եւ իրաւական պետութեան չափորոշիչներուն ներդաշնակ արդարադատական համակարգ: Ատոր կարելի է հասնիլ` երաշխաւորելով համարժէք սահմանադրական զարգացումներ, ճիշդ դասեր քաղելով նաեւ միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս նոր ժողովրդավարութեան երկիրներու փորձէն: Ես առիթ ունեցած եմ շեշտելու. «Մարդիկն ալ, քաղաքական ուժերն ալ, այս պահու շահերն ալ անցողիկ են, սահմանադրութիւնը սերունդներու համար է»: Սահմանադրութիւն, որ ունենայ արժէքաբանական կայուն եւ անսասան հիմք եւ հանրային այնպիսի միջավայր, որ այդ արժէքներն ապրող իրողութիւն դառնան երկրին եւ ժողովուրդին համար»:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Պէտք Է Անյպէս Ընել, Որ Ժողովուրդը Հիասթափ Չըլլայ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Թուրքիոյ Երկակի Խաղը Կ՛առաջնորդէ Մեկուսացման

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.