Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շահէն Մեղրեանին Յետմահու Շնորհուեցաւ Արցախի Ազգային Հերոսի Կոչում

October 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

241014TonashenShahenMeghryan(1)-InfoԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Մարտակերտի շրջանի Տօնաշէն գիւղ, ուր մասնակցեցաւ արցախեան ականաւոր քաղաքական եւ ռազմական գործիչ Շահէն Մեղրեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Ձեռնարկին ընթացքին նախագահ Սահակեան,  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան կազմակերպման գործին մէջ  ունեցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան եւ անձնական արիութեան համար յետմահու «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած Շահէն Մեղրեանի որդիին յանձնեց «Ոսկիէ արծիւ» շքանշանը:

Երկրին ղեկավարը բարձր գնահատեց Շահէն Մեղրեանի դերակատարութիւնը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ, մեր պետականաշինութեան գործին մէջ` նշելով, որ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը հայրենիքին անձնուիրաբար ծառայելու լաւագոյն օրինակ է:

Նախագահ Սահակեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն մէջ  ցուցաբերած արիութեան եւ անձնական խիզախութեան համար պարգեւներ յանձնեց նաեւ Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան ջոկատի խումբ մը մարտիկներու: «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուեցաւ երկու հոգի, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով` վեց հոգի, որոնցմէ երեքը` յետմահու:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, պաշտօնատարներ եւ հիւրեր` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:

Նախորդը

Ռուսիա Պիտի Չխառնուի Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանին Մաքսակէտի Աշխատանքին» Կ՛ըսէ Պելիանինով

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զօր. Աունի

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.