ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ եւ Սեպուհ Յովնանեանէ, երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում ունեցաւ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները:


