«Արմէնփրես»` յղում կատարելով իրաքեան «Պաս Նիուզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ ձեռնամուխ եղած են հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլէն 50 քիլոմեթր հիւսիս գտնուող «Հարիր» օդակայանին մէջ նոր ռազմակայան ստեղծելու գործին:
Էրպիլէն աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Հարիրի քաղաքի իշխանութիւնները օդակայանին մէջ գործ բացած առեւտրականներուն եւ ձեռնարկատէրերուն յանձնարարած են մէկ շաբթուան ընթացքին դադրեցնել աշխատանքները եւ պարպել տարածքը»:
Աղբիւրը հաստատած է, որ ամերիկացի զինուորականները մտադիր են «Հարիր» օդակայանը օգտագործել իբրեւ ռազմակայան, որովհետեւ անիկա շատ յարմար դիրք ունի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի շարժումներուն հետեւելու համար:
Միացեալ Նահանգներ նախապէս «Հարիր» օդակայանը օգտագործած է 2003-ին` Իրաք ներխուժելու եւ Սատտամ Հուսէյնի վարչակարգը տապալելու նպատակով:
«Հարիր» զինուորական օդակայանը կառուցուած է անցեալ դարու 70-ական թուականներուն եւ իրաքեան օդուժին կողմէ օգտագործուած է 1980-1988 թուականներուն` Իրան-Իրաք պատերազմին ընթացքին:
Միջինարեւելեան իրադարձութիւններուն հետեւելու համար Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը կ՛օգտուէին Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող «Ինճիրլիք» զինուորական օդակայանէն, սակայն ամէն անգամ Թուրքիան անհեթեթ պատճառաբանութիւններով կը խոչընդոտէ կամ ամերիկեան ուժերուն կ՛արգիլէ օգտուիլ այդ ռազմակայանէն:


