Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Առաքելութիւնը Աւարտող Ֆրանսայի Դեսպանը

October 23, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1022_Nalbandian_ReynaudՀայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն` անոր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:

Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Ռենոյին արդիւնաւէտ եւ աշխուժ աշխատանքին համար` նշելով, որ անոր պաշտօնավարութեան տարիներուն հայ – ֆրանսական յարաբերութիւնները խորացած են, բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը աւելի ամրապնդուած է:

Դեսպան Ռենօ իր կարգին ըսաւ. « Հպարտ եմ, որ կրցած եմ ներդրում ունենալ հայ – ֆրանսական բարեկամական կապերու զարգացման մէջ, եւ շնորհակալ եմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցաբերած աջակցութեան համար»:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին հայ – ֆրանսական յարաբերութիւններու հետագայ  զարգացման ուղղուած միացեալ քայլերուն շուրջ:

Հայ – ֆրանսական յարաբերութիւններու  ամրապնդման գործին մէջ ներդրման համար Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մետալ յանձնեց Ֆրանսայի դեսպանին:

Հայաստանի մէջ իր քառամեայ  դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօ, երէկ տուած  հրաժեշտի ասուլիսին ընթացքին խօսելով փարիզեան եռակողմ (Հոլլանտ – Սարգսեան – Ալիեւ) հանդիպումին մասին ըսաւ.

«Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին Փարիզի մէջ նախատեսուած Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու հանդիպումը առիթ կ՛ընձեռէ «բովանդակային նոր զարգացումներ» ունենալու ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ: Մայիսին Ազրպէյճան պաշտօնական, իսկ Հայաստան` պետական այցելութեան ընթացքին  Ֆրանսայի նախագահը առաջարկեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն տեսակցիլ  Փարիզի մէջ: Նպատակն է, բնականաբար, նոր լիցք հաղորդել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին: Առաջարկը ընդունուեցաւ երկու երկիրներու նախագահներուն կողմէ, եւ մօտ օրէն Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Սարգսեան – Ալիեւ – Հոլլանտ վեհաժողովը: Առանց հրապարակելու դիւանագիտական մանրամասնութիւններ` միայն նշեմ, որ նպատակը բովանդակային իմաստով նոր լիցք հաղորդելն է բանակցային հոլովոյթին: Երկրորդ` կարեւոր է, որ յաջողի երկու կողմերուն միջեւ ստեղծել վստահութեան մթնոլորտ, որ  կրնայ իրավիճակը փոխել սահմանագիծին կամ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ», ըսաւ դեսպանը:

Ան աւելցուց. «Փարիզեան վեհաժողովը նաեւ  կը վերահաստատէ շատ կարեւոր հանգամանք մը` բանակցուած տարբերակէն բացի ղարաբաղեան տագնապը այլ լուծում չունի եւ անոր հիմքին մէջ պիտի ըլլան մատրիտեան երեք կարեւոր սկզբունքները` տարածքային ամբողջականութիւն, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք եւ ուժի կիրարկման կամ կիրարկման սպառնալիքի բացառում»:

 

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Երեւան Կը Հասնի

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Իր Որոշումները Չի Փոխեր

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.