Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 23, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ իրենց դիմաց այլընտրանք գոյութիւն չունի:

ՍԱԱՏՆԱՅԷԼԻ մէջ առեւանգուած քաղաքացիներ Խալետ եւ Մուսթաֆա Հուժէյրի ազատ արձակուեցան եւ յանձնուեցան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան: Իբրեւ արդիւնք անոնց ազատ արձակումին, անոնց ընտանիքները բացին Սաատնայէլ-Թաալպայա մայրուղին:

ՊԵՔԱԱՅԻ Քուսայա շրջանին մէջ նախանցեալ երեկոյեան զինեալ բախումներ արձանագրուած են Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատին եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանանի հիւանդանոցները պատրաստ են իպոլա ժահրով վարակուած հիւանդները ընդունելու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը 800 լ. ոսկիով նուազած է, մազութինը` 100 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 500 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 600 լ. ոսկիով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ հաւատադրժողական շարժումները ունին զիրենք քաջալերող եւ ֆինանսաւորող կողմերը, ապա շրջանին կացութիւնը պիտի մնայ նոյնը եւ Լիբանանի վրայ պիտի ունենայ իր հետեւանքները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ պէտք է ծայրայեղութիւններուն վերջ տալ, որովհետեւ անոնք միայն սադրանքներ եւ աղէտներ կը բերեն Լիբանանին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան նուիրատուութիւնը քաղաքական սխալ մըն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրանեան նուիրատուութիւնը ունի քաղաքական նպատակներ, իսկ Լիբանանի սպառնացող ապահովական ծրագիրը պէտք է արդարութեամբ գործադրել:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայն են նախկին նախարար Ժան Օպէյտի անունին շուրջ` իբրեւ նախագահական համախոհական թեկնածու:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու համար միջազգային աշխուժ շարժում մը սկսած է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ համախմբումը երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին գումարելիք իր ընթացիկ նիստին ընթացքին պիտի որոշէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նիստին իր մասնակցութեան կարելիութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը շատ մտահոգիչ է, եւ պահանջեց այդ շրջանին մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Արաբունարի Մէջ Բուռն Բախումները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Հովուապետական Այցելութեամբ Մը Պիտի Մեկնի Սիտնի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.