Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Մէջ. Վարչապետ Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Նախագահ Ռուհանիի Հետ

October 21, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աբրահամեան եւ Ռուհանի
Աբրահամեան եւ Ռուհանի

«Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն Իրանի հետ ձեւաւորուած սերտ, բարի դրացիական յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են մեր ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան հիմքերուն վրայ»,  յայտարարեց պաշտօնական այցելութեամբ Իրան  գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին:

«Հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կը շարունակեն զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները հիմնականին մէջ կ՛իրականացուին, ինչ որ կը վկայէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական եւ գործնական կապերը աւելի խորացնելու երկուստեք վճռականութեան մասին»,  նշած է Աբրահամեան:

Նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին նշած է, որ Իրան պատրաստակամ է օժանդակելու հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են ուժանիւթի, գիւղատնտեսական եւ մշակութային համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը:

Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ստանձնելու այդ կառոյցի անդամներուն եւ օտարերկրեայ գործարար համայնքներուն համար կապող օղակի դերակատարութիւն: Աբրահամեան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ նպաստաւոր պայմաններ  ստեղծուած են ներդրումներու համար:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած  են Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջանային խնդիրներուն: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստան  հետամուտ է միայն խաղաղ միջոցով խնդիրի լուծման` ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ: Երկուստեք ընդգծուած է շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը եւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:

Յովիկ Աբրահամեան նախագահ Հասան Ռուհանիին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը` ներկայ գտնուելու 24 ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան:

Իրանի նախագահը Հայաստանի նախագահին եւ հայ ժողովուրդին յղած է իր ջերմ բարեմաղթանքները:

Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Իրանի
Առաջին Փոխնախագահին Հետ

1020_Aprahamian_Eshagh-JahangiriԹեհրանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ  Իրան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի հանդիպումը:

«Այսօր կարելի է փաստել, որ հայ – իրանական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կը շարունակեն զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ»,  ըսած է Աբրահամեան` համոզում յայտնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը նաեւ կը նպաստէ շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:

Ճահանկիրի նշած է, որ երկու երկիրներուն տնտեսական յարաբերութիւնները կը զիջին գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, եւ վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետին պաշտօնական այցելութիւնը կը նպաստէ տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման:

Աբրահամեան իր կարգին ըսած է, որ Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալուն մասին համաձայնագիրը նոր հեռանկարներ կը բանայ երկրի տնտեսութեան հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններ` օտարերկրեայ ներդրումներու համար:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու  վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ կողմերը նաեւ անդրադարձած են ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրներու իրականացման ընթացքին եւ անոնց հեռանկարներուն:

Հանդիպման աւարտին Աբրահամեան Ճահանկիրիին պաշտօնական այցելութեամբ  Հայաստան հրաւիրած է:

Նաեւ Հանդիպում` Զարիֆի Հետ

Երէկ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նաեւ հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանային խնդիրներուն եւ երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Կողմերը կարեւոր նկատած են շրջանի կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը, տագնապներու խաղաղ միջոցով լուծումը:

Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հարցին, կարեւոր նկատած են համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներուն մէջ:

Կողմերը նաեւ քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս:

 

Նախորդը

Շիրակի Հովտաշէն Գիւղ. Դաշնակցական Գիւղապետը Վերընտրուծ Է

Յաջորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ուլիս Կէտերու Տարբերութիւնը Կը Բարձրացնէ. Միքա Խոյս Տուաւ Վերջին Դիրքէն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.