Շիրակի մարզի Հովտաշէն համայնքին մէջ կիրակի տեղի ունեցած ընտրութեան արդիւնքներով վերընտրուած է գործող գիւղապետ դաշնակցական Սէյրան Փիլոսեան: Անոր ի նպաստ քուէարկած է 133 հովտաշէնցի:Փիլոսեանի մրցակիցը` Արսէն Եղոյեան, ստացած է 55 քուէ: Քուէարկելու իրաւունք ունեցողներէն 260 գիւղացիներէն ընտրութեան մասնակցած է 193 մարդ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Երկիր»-ի կայքը:
Սէյրան Փիլոսեան NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ մրցակից թեկնածուին քուէ տուած են անոր հարազատները, իսկ իրեն` ժողովուրդը: Փիլոսեան վստահեցուցած է, որ ընտրութիւնը արդար եղած է:


