
Իրանի Յարանուանութիւններու մերձեցման խորհուրդի պատասխանատու շէյխ Մոհսեն Արաքի` ընկերակցութեամբ իրանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մը, երէկ այցելեց Պէյրութ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շէյխ Արաքին, որուն հետ քննարկեց շրջանը եւ իսլամական աշխարհը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ նիւթուող դաւադրութիւններուն, որոնք կը միտին իսլամական ժողովուրդները պառակտել եւ անոնց դէմ սադրանքներ նախապատրաստել:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Արաքի շեշտեց շրջանին սպառնացող հաւատադրժողականներուն դէմ միացեալ կեցուածքով եւ միասնականութեամբ պայքարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է միասնականացնել ջանքերը` կողմնացոյցը իսկական թշնամիին` Իսրայէլի դէմ դարձնելու նպատակով:
«Այս պայքարին մէջ մեր ջանքերը կը նոյնանան Դիմադրութեան ճիգերուն հետ` նկատի ունենալով, որ ան եւս կը պայքարի Իսրայէլի դէմ: Միւս կողմէ, մենք համոզուած ենք, որ սիոնական գոյացութիւնը կ՛օժանդակէ հաւատադրժողական շարժումներուն», ըսաւ ան:
Տար Ֆաթուայի Մէջ
Շէյխ Արաքի այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:
Հանդիպումէն ետք իրանցի հոգեւորականը հաստատեց, որ հոգեւորականները կրնան ազդու դերակատարութիւն ունենալ ե՛ւ պատասխանատուներուն, ե՛ւ ժողովուրդին վրայ:
«Անոնք կրնան լուծել իրենց ժողովուրդներուն հարցերը եւ կանխարգիլել սադրանքները, ինչպէս նաեւ կրնան թերանալ իրենց պատասխանատուութիւններուն մէջ եւ ժխտական դերակատարութիւն ունենալ», ըսաւ ան:
Քապալանի Մօտ
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իր կարգին ընդունեց շէյխ Արաքին, որ յայտնեց, թէ շրջանին վկայած դաւադրութիւններն ու գրգռութիւնները կը հրահրուին իսրայէլեան ձեռքերով:
Պուսթրոս Պալատէն

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց իրանեան հոգեւորական պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Արաքիի:
Հանդիպումէն ետք Արաքի հաստատեց, որ Թեհրան պատրաստ է գործակցելու Պասիլի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ` յաջողեցնելու համար իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ խորհրդաժողովը:
Շէյխ Արաքի հաստատեց, որ Լիբանան իբրեւ համերաշխութեան եւ բազմազանութեան երկիր բնական է, որ կազմակերպէ նման խորհրդաժողով մը, որուն նպատակը ըլլայ հաւատադրժողական մտայնութիւնը այս շրջանէն հեռացնել:
Շէյխ Արաքի մաղթեց, որ Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք այդ խորհրդաժողովը յաջողութիւն արձանագրէ, որովհետեւ այդ շրջանը դարեր շարունակ խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ գոյատեւած է:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի կրնա՞յ ներկայ ըլլալ այս խորհրդաժողովին, շէյխ Արաքի ըսաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի արարքները ցարդ խաղաղութեան հետ կապ չունին, «իսկ եթէ Պաղտատի կը զգայ եւ կը հաւատայ, որ ինք կրնայ իր ընթացքը փոխել, մտայնութիւնը փոխել եւ շրջանի ժողովուրդներուն հետ ապրիլ, ապա կրնայ մասնակցիլ այդ խորհրդաժողովին»:


