Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Ֆաուր. «Լիբանանի Մէջ Որեւէ Երկրէ Աւելի Հաւանականութիւն Կայ Իպոլա Ժահրով Վարակման Դէպքերու»

October 21, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Ֆաուր` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին
Ապու Ֆաուր` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ որեւէ երկրէ աւելի հաւանականութիւն կայ իպոլա ժահրով վարակման դէպքերու` նկատի ունենալով, որ կարգ մը երկիրներու մէջ, որոնց մէջ արձանագրուած են այդ ժահրով վարակումի պարագաներ, կը գտնուին լիբանանեան գաղութներ:

Այս իրականութիւնն ու անկէ բխած հաւանականութիւնը լիբանանեան պետութիւնը կը մղեն արտակարգ միջոցառումներ որդեգրելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել այդ ժահրին Լիբանան մուտքը:

«Այս իմաստով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ համաձայնութիւն գոյացած է ճամբորդութիւններու պարագային բժշկական եւ ոչ բժշկական արտակարգ միջոցառումներ որդեգրելու լիբանանցիներուն եւ ոչ լիբանանցիներուն նկատմամբ», ըսաւ ան:

Ապու Ֆաուր նշեց, որ նախապէս կը վստահուէր Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող յատուկ սարքերուն, որոնք ճամբորդներուն ջերմութենէն կրնային հետեւցնել ժահրով վարակուած լուրջ պարագաները, «սակայն այս հանգրուանին օդանաւային ընկերութիւններուն հետ համաձայնութիւն գոյացած է բարձրանալու օդանաւ եւ հարց տալու օդանաւի անձնակազմին` իպոլայով վարակուած պարագայի մասին: Եթէ նման պարագայ արձանագրուի, ապա հիւանդատար յատուկ ինքնաշարժով մը պարագան կը փոխադրուի Ռաֆիք Հարիրիի անուան պետական հիւանդանոց, ուր բաժանմունք մը յատկացուած է այդ ժահրով վարակուածներուն», ըսաւ Ապու Ֆաուր:

Ան շեշտեց, որ «այս նպատակներուն համար կարիքը կայ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ այլ բաժին մը ունենալու, եւ այդ մասին տեղեակ պահեցինք հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթերը, որուն հաւանութեամբ օդակայանին «Վի. Այ. Փի.»-ի դրութիւնը պիտի կենայ»:

Ապու Ֆաուր հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի նաւահանգիստներուն մէջ եւս պիտի որդեգրուին նմանօրինակ միջոցառումներ, որպէսզի այն երկիրներէն, ուր իպոլա ժահրը տարածուած է, Լիբանան եկող ճամբորդներուն կամ քաղաքացիներուն պարագաները ստուգուին:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Իրանեան Հոգեւորական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.