
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 19 հոկտեմբերին քրտական խաղաղութեան հոլովոյթին հարցով «Իմաստուն անձերու խմբակ»-էն անդամներու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ գտնուած շրջանին առջեւ երկու ուղի կայ` ժողովուրդներու համարկում կամ ցաւալի բախումներ:
«Վերջին դէպքերը ցոյց տուին, որ կարելի չէ Թել Ապիատը Աքչաքալէէն անջատել, Սրուճը` Արաբունարէն, Մծբինը` Գամիշլիէն եւ Եայլատաղը` Պայըրհուչաքէն», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ասիկա նաեւ նոյնն է պալքաններու եւ Կովկասի համար, այս սահմանագծումները անիմաստ պիտի դառնան եւ բոլոր հասարակութիւնները, որոնք իրարու ազգականներ են, տագնապներէն բխած ցաւերը պիտի համարկեն»:
«Երկու ընտրանք գոյութիւն ունի. կա՛մ այս շրջանին մէջ կ՛ընտրենք խաղաղ եւ միաւորող մօտեցում մը, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ, կա՛մ պիտի մնանք ահաբեկչական կամ արմատական խմբաւորումներու ազդեցութեան տակ», նշած է Տաւութօղլու:
Ըստ Թուրքիոյ վարչապետին, քրտական հարցի լուծումը ունի երեք յատկանիշներ` անիկա բնական, տեղական եւ վաւերական է:
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ հանդիպումէն նշանակալից բացականերն էին դերասան Լալէ Մանսուր, Էրոլ Էքիճի, ակադեմականներ Պասքըն Օրան եւ Մուրաթ Պելկէ, դերասան Եըլմազ Էրտողան, գործարար Շեմսի Պայրաքտար, գրող Քիւրշաթ Պումին, երգիչ Օրհան Կենճեպայ եւ փաստաբան Եիւճել Սայման:


