Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ճահանկիրիի հրաւէրով 20 հոկտեմբերին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Իրան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: 20 հոկտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը Թեհրանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ճահանկիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ: 21 հոկտեմբերին վարչապետ Աբրահամեան Սպահանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նահանգապետ Ռասուլ Զարկարփուրի, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ 350-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութեան:


