Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին ստորագրած հրամանագիրով, Արմէն Գէորգեան ազատ կացուցուեցաւ փոխվարչապետի եւ տարածքային կառավարման նախարարի պաշտօններէն: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:
Յիշեցնենք, որ Արմէն Գէորգեանի հրաժարականին մասին յայտարարուեցաւ կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին:


