Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Բ. Տարելիցի Նշում

October 20, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք կ՛ուղղէ իր պատգամը
Մաշնուք կ՛ուղղէ իր պատգամը

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին պատասխանատու հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան Բ. տարելիցին առիթով անցեալ շաբաթավերջին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանգուցեալին ընտանիքը, նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, այլ նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ եւ զինուորականներ:

Իր խօսքին մէջ Մաշնուք յայտնեց, որ Հասանի սպանութեան մասին բացուած հետաքննութիւնը գրեթէ հասած է իր աւարտին, եւ մօտիկ ապագային յստակ կը դառնայ իրենց համար, թէ որո՛նք են Հասանի դէմ այդ անարգ սպանութիւնը գործող կողմերը:

Մաշնուք հաստատեց, որ Հասանի սպանութեան դրդապատճառները պաշտօնապէս պիտի բացայայտուին` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնն ու դատական իշխանութիւնները պիտի հալածեն ու հետապնդեն յանցագործները եւ խստիւ պատժեն զանոնք:

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս ողջունեց Հասանի իրագործումները եւ խոստացաւ անոր ուղեգիծով շարունակել աշխատանքն ու գործունէութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի կայունութիւնը եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Հասանի յիշատակին առիթով յայտնեց, որ Հասան պետական այրի մը օրինակելի տիպարն էր, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան հսկող հաւատարիմ սպայ մը, որուն յիշատակը անմոռանալի է:

Հարիրի շեշտեց Ուիսամ Հասանը սպաննող ոճրագործները պատժելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

«Լիբանանի Արեւելեան Եւ Հարաւային Սահմաններուն Վրայ Մեր Դիրքերը Ամուր Են Եւ ՏԱՀԵՇ-ները Չեն Կրնար Ցնցել Զանոնք» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Յաջորդը

Սլէյման Մայֆուքի Հիւանդանոցին Հիմնարկէքը Կատարեց

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.