
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան փորձառութիւնը պատուաբեր է` պատերազմներու ընթացքին մարդկային եւ բարոյական արժէքներու պահպանումին իմաստով:
«ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա կոչուող այս շարժումներէն մենք բնաւ չենք վախնար, պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք երբեք իսլամականութիւնը չեն ներկայացներ եւ ոչ ալ կը խորհրդանշեն: Ընդհակառակն` անոնք իրենց արարքներով փաստած են, թէ անկրօն են եւ անաստուած», ընդգծեց շէյխ Քասեմ:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ Լիբանանի արեւելեան եւ հարաւային սահմաններուն վրայ իրենց դիրքերը ամուր են` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ները եւ Նուսրաները չեն կրնար ցնցել այդ դիրքերը:


