Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա Բուռն Կերպով Կը Հակադարձէ Թեհրանին

October 20, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թանժու Պիլկիչ
Թանժու Պիլկիչ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ քննադատեց իրանցի կարգ մը պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները, որոնք ըստ իրեն, «անճիշդ պնդումներ» պարունակած են Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութեան վերաբերեալ, եւ Իրանի կոչ ուղղեց` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին իր ցուցաբերած աջակցութեան լոյսին տակ «ամօթով լուռ մնալու»:

«Անգարա, միջազգային օրէնքի լոյսին տակ, ստիպուած չէ որեւէ մէկէ արտօնութիւն առնելու իր ազգային ապահովութեան սպառնալիքի մը նկատմամբ միջոցառումներ որդեգրելու ընթացքին», ըսաւ ան:

Պիլկիչ կը հակադարձէր Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանի յայտարարութեանց, որոնց մէջ ան Թուրքիան կ՛ամբաստանէր շրջանին մէջ «նոր օսմանական գաղափարը հետապնդելու» յանցանքով: Վերջինս նշած էր, որ Իրան սուրիացի ժողովուրդին օժանդակելու համար Դամասկոսէն արտօնութիւն կը խնդրէ: Պիլկիչ նշեց. «Թուրքիա սուրիացիներուն օժանդակած է անոնց ապրած մարդասիրական ողբերգութեան վերջ տալու համար, առանց որ կարիք զգայ Դամասկոսի օրինականութիւնը կորսնցուցած վարչակարգէն արտօնութիւն առնելու»:

«Մեզ շրջապատող ահաբեկչութեան փորձանքի ծնունդին եւ այսքան բարդանալուն իսկական պատճառը եղող Դամասկոսի վարչակարգին աջակցող պետութենէ մը կը սպասուէր առնուազն ամօթէն լուռ մնալ շրջանին մէջ մարդկային աղէտներուն, մասնաւորաբար Արաբունարի վերաբերեալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Անգարա Իրանի դեսպանատան փոխանցած է իրանցի պաշտօնատարներուն կողմէ այդպիսի «անճիշդ» պնդումներուն նկատմամբ իր դժգոհութիւնը:

 

Նախորդը

«Վերադարձ Հայաստան» Հիմնադրամ. «Մեր Ապագան Մեր Հողին Հետ Կապուած Պէտք Է Ըլլայ» Ըսաւ Վարդան Մարաշլեան

Յաջորդը

«Թուրքիան Չի Կրնար Առանց Անվտանգութեան Գօտիներու Ստեղծման Սուրիոյ Մէջ Միջազգային Դաշինքին Աջակցիլ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.