Tert.am սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ զրուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Արման Սաղաթելեանի հետ, որ ըսաւ, թէ սահմանադրական բարեփոխումներուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջնական դիրքորոշումը, ըստ ամենայնի, յայտնի պիտի ըլլայ յաջորդ տարուան փետրուար-մարտ ամիսներուն: Նշելով, որ յայտնի է, թէ սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբը 15 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմ ուղարկած է սահմանադրական բարեփոխումներուն հայեցակարգը` Tert.am Սաղաթելեանին հարցուց, թէ որո՞նք պիտի ըլլան հոլովոյթին հետագայ քայլերը: Սաղաթելեան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմը ստացած է սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը: Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնախումբին ստեղծումէն մինչեւ այսօր կատարուած է մեծածաւալ եւ հիմնարար աշխատանք, որուն համար հանրապետութեան նախագահը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց յանձնախումբին:
Նախագահը բարձր կը գնահատէ նաեւ հայեցակարգի նախագիծի հանրային քննարկումները կազմակերպելու եւ կատարելու կապակցութեամբ յանձնախումբին ձեռնարկած ջանքերը: «Մենք շնորհակալ ենք նաեւ բոլոր այն հասարակական-քաղաքական գործիչներուն եւ կազմակերպութիւններուն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, մասնագիտական կառոյցներուն եւ մասնագէտներուն, որոնք աշխուժ եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւն ունեցած են կարեւորագոյն այս հոլովոյթին», ընդգծեց Սաղաթելեան: Ինչ կը վերաբերի հետագայ քայլերուն, ապա Սաղաթելեան նշեց, որ անոնք կանխորոշուած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 4 սեպտեմբեր 2013-ի հրամանագրով: Հանրապետութեան նախագահը պիտի լուծէ հայեցակարգին հաւանութիւն տալու կամ զայն մերժելու հարցը: Սաղաթելեան նշեց, որ անոր համար յատուկ ժամկէտներ սահմանուած չեն: Ան յայտնեց, որ միեւնոյն ժամանակ, նկատի ունենալով, որ հայեցակարգին մէջ արծարծուած որոշ հիմնահարցեր ունին ընդգծուած քաղաքական բաղադրիչ, անոնց կապակցութեամբ կ՛ակնկալուին լրացուցիչ քաղաքական քննարկումներ եւ քաղաքական աւելի մեծ համախմբում: Ուստի, հայեցակարգին վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի վերջնական դիրքորոշումը, ըստ ամենայնի, յայտնի պիտի ըլլայ 2015 թուականի փետրուար-մարտ ամիսներուն ընթացքին:


