Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան այցելեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Պելճիքայի կոմիտէութեան, Հայ դատի յանձնախումբի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, Երիտասարդական միութեան եւ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչներուն եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան եւ «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն» գիրքի հեղինակ Աննա Աստուածատրեան: Աշոտ Ղուլեանին կ՛ընկերակցէին դիւանագէտներ Արմինէ Ալեքսանեան եւ Վարդան Բարսեղեան:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին Աշոտ Ղուլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ վեր առաւ պետականաշինութեան, ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացման մարզերուն մէջ վերջին 20 տարիներուն Արցախի արձանագրած զարգացումը:
Պելճիքայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները վերստին հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը մի՛շտ պատնէշի վրայ գտնուելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար, իսկ Ղուլեան անքակտելի նկատեց Հայաստան – Արցախ – սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Հանդիպման աւարտին Աշոտ Ղուլեան արցախեան շարժման 25-ամեակի յուշանուէր – մետալը յանձնեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանին` Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ի խնդիր իր տարած աշխատանքին համար:
Նշենք, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը Պրիւքսէլ կը գտնուի մասնակցելու համար «Արցախի ամիս» ձեռնարկներու շարքէն քանի մը հատին` Աննա Աստուածատրեանի գիրքի ներկայացման, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Արցախի անկախութեան 23-ամեակին նուիրուած հիւրասիրութեան: Աւելի ուշ Եւրոպայի տարածքին պիտի ցուցադրուի «Թեւանիկ» ժապաւէնը` բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի ներկայութեամբ:


