Երէկ Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան հրապարակեց 5 նոյեմբեր 2013-ի անկարգութիւններու գործով դատավճիռը: Այս մասին դատարանէն տեղեկացուց «Երկիր»-ի թղթակիցը: Դատարանը բոլոր ամբաստանեալները մեղաւոր նկատեց: Մասնաւորապէս Շանթ Յարութիւնեան դատապարտուեցաւ 6 տարուան բանտարկութեան, Աւետիս Աւետիսեանը, Լիպարիտ Պետրոսեանը, Վարդան Վարդանեանը` 5 տարուան, Ալպերթ Մարգարեանը` 6 տարուան, Ալեք Պօղոսեանը եւ Մկրտիչ Յովհաննիսեանը` 4 տարուան, Արմէն Յովհաննիսեանը` 2 տարուան, Հայկ Յարութիւնեանը` 4 տարի 6 ամսուան, Սեւակ Մնացականը` 1 տարի 6 ամսուան, Տիգրան Պետրոսեանը` 1 տարուան, Վահէ Մկրտչեանը` 7 տարուան բանտարկութեան: Դատարանը վճռեց Շանթ Յարութիւնեանի որդին դատապարտել 4 տարուան բանտարկութեան, սակայն պատիժը պայմանականօրէն չկիրարկել: Իսկ Միսաք Առաքելեանի նկատմամբ 50 հազար դրամ տուգանք նշանակուեցաւ: Ամբաստանեալները պատիժը պէտք է կրեն Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան համապատասխան քրէակատարողական հիմնարկին մէջ:
Վճիռի հրապարակումէն ետք դատարանին մէջ լարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ: Ներկաները կը վանկարկէին «ամօթ» եւ հայհոյանքներ: Ամբաստանեալ Շանթ Յարութիւնեանի նախկին կինը` Ռուզաննա Բադալեանն ալ անէծքներ հնչեցուց մեղադրող դատախազի հասցէին:


