
«ՍալամՆիուզ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Պակիր Պահրամի յայտարարած է, որ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցային ձեւաչափը կրնայ ընդլայնուելով ներառել նաեւ Հայաստանը:
«Ապագային կրնայ քննարկուիլ նաեւ հանդիպման հայկական կողմի մասնակցութիւնը», ըսած է իրանցի դիւանագէտը:
16 ապրիլին Իրանի Ուրմիա քաղաքին մէջ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած էր հանդիպում մը, որուն ընթացքին որդեգրուած էր 9 կէտերէ բաղկացած Ուրմիոյ հռչակագիրը, որ կը ներառէ այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են տնտեսութեան համալիր զարգացումը, զբօսաշրջութեան մարզին մէջ կապերու ընդլայնումը, գիտութիւնն ու մշակոյթը, տագնապներու լուծումը:
Երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Ուրմիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին նաեւ հերթական հանդիպումը կատարելու հոկտեմբերին` Նախիջեւանի մէջ:


