Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Էջ` Հայ – Սերպական Յարաբերութիւններուն Զարգացման Մարզին Մէջ. Սերպիոյ Նախագահը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

October 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

սերպիաՆախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասաւ Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Սերպիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց երկու երկիրներու նախագահներուն երկկողմանի հանդիպումը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Սերպիոյ նախագահին այցելութիւնը  նոր խթան կը հաղորդէ հայ-սերպական քաղաքական երկխօսութեան եւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը յառաջ մղելու գործին, յայտնեց  նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Սերպիոյ նախագահը իր կարգին վստահեցուց, որ իր երկիրը կը կատարէ  առաւելագոյն ջանքեր` հայ-սերպական միջպետական կապերը սերտացնելու եւ  համագործակցութիւնը խորացնելու համար:

Հանդիպման աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան Թոմիսլաւ Նիքոլիչը պարգեւատրեց Փառքի շքանշանով` Հայաստանի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեան առիթով եւ ի նշանաւորում հայ-սերպական աւանդական բարեկամութեան: Նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ փոխադարձաբար նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարգեւատրեց  Սերպիոյ Հանրապետութեան շքանշանով:

Երէկ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն  գտնուող Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչի ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:

Բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու  ստորագրման արարողութիւնը:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ հանդիպման արդիւնքները ամփոփեցին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ կատարուած յայտարարութեամբ:

Երէկ առաւօտեան Սերպիոյ նախագահը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակին:

Նախորդը

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն Հիւրընկալեց Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Էլենի Թէոխարուսը

Յաջորդը

Պրաւօ Իր 85-րդ Մրցումը Կատարեց Չիլիի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.