Երէկ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակին մէջ հիւրընկալուեցաւ Կիպրոսը ներկայացնող Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի ԹԷոխարուսը:
Էլենի ԹԷոխարուսին կ՛ընկերակցէին իր օգնական Իոաննիս Խարալամպիտիսը եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Լեռնային Ղարաբաղի Հանդապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Վահրամ Բալայեան, Ասկերանի քաղաքապետ Ալիոշա Գաբրիէլեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի տագնապի արդարացի լուծման կարեւորութեան վերաբերեալ հարցեր:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան բարձր գնահատեց Թէոխարուսի գործունէութիւնը` Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջները եւրոպական ատեաններուն մէջ ներկայացնելու ու պաշտպանելու գործը, եւ համառօտ կերպով ներկայացուց Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման համար մղած պայքարը:
«Ես իմ գործունէութեամբս ամբողջութեամբ կը սատարեմ ինքնորոշման իրաւունքին` մանաւանդ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, որովհետեւ Արցախի ժողովուրդը, ազրպէյճանական տիրապետութեան տակ ըլլալով, արդար պայքարով վաստկեցաւ այդ իրաւունքը», հանդիպումին ընթացքին նշեց երեսփոխան Թէոխարիուս եւ աւելցուց. «Ձեր արդար գործին մէջ աշխատեցէք թոյլ չտալ այն սխալները, որոնք եղան Կիպրոսի մէջ, այսինքն` պէտք է ժամանակին համահունչ առնել բոլոր քայլերը»:


