Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթիի կեդրոնը` Տար Ֆաթուա:
Այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել հանրապետութեան նորընտիր Միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը: Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետն ու նորընտիր միւֆթին քննարկեցին ընդհանրապէս շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած շարք մը հարցեր: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Լիբանանի ներքին անդորրութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը` շրջանին մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերէն հեռու պահելով երկիրը: Հոգեւոր պետերը անհրաժեշտ նկատեցին Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կազմակերպելու առաջնահերթութիւնը: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին լիբանանեան սփիւռքի գաղութներուն զօրակցելու Լիբանանին:
Հանրապետութեան միւֆթին իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ հայ համայնքը Լիբանանի կարեւոր բաղկացուցիչ տարրերէն մէկն է եւ կենսական տեղ ունի Լիբանանի մէջ: Այս ծիրին մէջ միւֆթի Տըրիանը վեր առաւ վեհափառ հայրապետին դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ:
Վեհափառ հայրապետն ու հանրապետութեան միւֆթին նաեւ ընդգծեցին քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ամրապնդումն ու ծայրայեղական շարժումներէն հեռու մնալու անհրաժեշտութիւնը:


