
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ 13-րդ անգամն ըլլալով նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը յետաձգեց` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2014-ին:
Նիստին ներկայ գտնուեցան միայն 58 երեսփոխաններ, մինչդեռ օրինաթիւին համաձայն, նիստին պէտք է ներկայ գտնուին 86 երեսփոխաններ:
Նիստէն ետք հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկիր մը, որ հանրապետութեան նախագահ չունի, ենթակայ է դիմագրաւելու ամէնէն վտանգաւոր մարտահրաւէրները, պարզապէս այն պատճառով, որ քաղաքական ուժի մը ղեկավարը կը խոչընդոտէ երկրին նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը, որովհետեւ միայն ինքն իր անձը ատակ կը գտնէ նախագահ դառնալու:
Հարպ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան նիստը մնայուն կերպով կը յետաձգուի, որովհետեւ Հըզպալլայի եւ զօր. Միշել Աունի պլոքները կը մերժեն ներկայանալ նիստին:
Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ քաղաքական եւ ապահովական առումով, ներառեալ` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու հարցը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի ցաւ յայտնեց, որ քրիստոնեայ երեսփոխանները կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան նիստի կայացումը:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլային պահանջեց անկէ, որ հեռանայ Սուրիայէն, որովհետեւ անոր մասնակցութեան պատճառով Լիբանան փորձանքներու դէմ յանդիման կը գտնուի:
«Լիբանանի սահմանները պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ միլիսի մը, որ արտաքին յանձնառութիւններ ունի», ըսաւ Ֆաթֆաթ:
Ֆաթֆաթ կտրականապէս մերժեց 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին իսրայէլացի զինուորներուն թէյ հիւրասիրելու գծով իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնը, իսկ պատասխանելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի այն յայտարարութեան, որ կ՛արդարացնէ Մազարեհ Շեպաայի մէջ Հըզպալլայի գործողութիւնը, Ֆաթֆաթ ըսաւ, որ քաղաքական ոչ մէկ ուժ իրաւունք ունի որոշելու երկրին պատերազմի կամ խաղաղութեան ընթացքը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ անոր հետեւորդ քաղաքական ուժերը կը շարունակեն խոչընդոտել նախագահական ընտրութիւնները, «իսկ նախագահական ընտրութիւն կատարելը շատ անհրաժեշտ է այս հանգրուանին», ըսաւ Ժահժահ:
Ան յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր մնացած է` աւելցնելով, որ այդ կացութիւնը իր հետեւանքները կ՛ունենայ երկրին տնտեսական, քաղաքական եւ գերիշխանական առումով,սակայն այդ բոլորով հանդերձ, Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը շահագործեն նախագահական ընտրութիւնը:
Անդրադառնալով երկրին ապահովական ցնցումներուն` Ժահժահ յայտնեց, որ Արսալի թէ Շեպաայի հարցը անկարելի է լուծել, առանց նախագահական ընտրութիւն կատարելու:


