Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդգծեց Օրէնսդրական Աշխատանքը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

October 9, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ընդգծեց Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին ընթացքին խորհրդարանի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Ան շեշտեց նաեւ խորհրդարանին կատարելիք օրէնսդրական աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց նաեւ, որ մօտիկ ապագային խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը նիստի պիտի հրաւիրուին` աւելցնելով, որ անձնական դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչները պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն հետ հաւասարեցնելու միտումը հաստատ է եւ իրենք պիտի ջանան լուծել այդ հարցը:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:

Յետմիջօրէին Պըրրի ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարին գծով խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը նիստի մը հրաւիրելու կարելիութիւնը:

Մքարի յայտնեց, որ երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2014-ին խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրուած են գումարելու իրենց նիստը, որուն գծով անհրաժեշտ է յանգիլ դրական արդիւնքներու:

Մքարի յայտնեց, որ աշխատավարձերու յաւելման թղթածրարին առումով մեծ ջանքեր ի գործ պիտի դրուին` լուծման յանգելու նպատակով:

Պատասխանելով հարցումի մը` Մքարի յայտնեց, որ ինք համաձայն է եւ արդար կը գտնէ, որ բանակի հրամանատարութիւնն ու պաշտպանութեան նախարարը պահանջեն առանձին քննարկել բանակայիններու եւ ապահովութեան ուժերու աշխատավարձերուն յաւելումները, որոնք արժանի են անոնց եւ որոնք ամէնէն աւելի կը զոհուին Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար:

Միւս կողմէ, ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ողջունեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը նիստի հրաւիրելու խորհրդարանի նախագահին որոշումը` ընդգծելով, որ այս կեցուածքը կը փաստէ, որ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը առաջնահերթութիւն է:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Իրենց Բողոքի Ցոյցը Փոխադրեցին Ռիատ Սոլհի Հրապարակ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.