Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վերադարձի ազգային քարոզարշաւի մը սկսած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնական կայքը: Յանձնախումբը կոչ ուղղած է հայերուն` 7 հոկտեմբերին միանալու եւ հեռաձայնելու Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան առաջնորդ Քեւին Մըքքարթիին, որպէսզի ան քննարկումներու եւ քուէարկութեան համար օրակարգի վրայ դնէ թիւ 4347 օրինագիծը` ապահովելու համար Թուրքիոյ կողմէ գողցուած հայկական եւ քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու վերադարձը իրենց տէրերուն: Oրինագիծը կը պաշտպանէ Թուրքիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներուն կրօնական ազատութիւնները:


