
PanArmenian.net կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի տարեկան նիստին ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերեալ որդեգրուած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ անցած է հարիւրամեակ մը, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքին վրայ:
«2015-ին մենք պիտի ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: 1915-1922 թուականներուն մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան, իսկ հազարներ ալ տեղահանուեցան իրենց տուներէն(ներկայ Թուրքիա) եւ աքսորուեցան: Այսօր աշխարհի վրայ սփռուած աւելի քան վեց միլիոննոց հայկական սփիւռքը այդ ցեղասպանութեան տեսանելի հետեւանքն է:
«Անցած է հարիւրամեակ մը, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքին վրայ: Նոյնիսկ եթէ այսօր գրեթէ վերապրողներ չկան, ցաւի եւ անարդարութեան ճանաչումը կը շարունակէ մնալ արդիական:
«Մենք կը յարգենք յիշատակը հայ, ինչպէս նաեւ շուրջ 600,000 արամէացի, ասորի եւ յոյն քրիստոնեաներու, ներառեալ` կաթողիկէներու եւ բողոքականներու, որոնք սպաննուեցան իրենց հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միասին: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ջանքերը` «հայ եկեղեցիներուն հնարաւորութիւն ընձեռելու` իրենց ձայնը բարձրացնելու եւ պայքարելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ճանաչման համար», միշտ գնահատուած է հայ եկեղեցւոյ կողմէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:


