Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:22-ին Դիմադրութեան «Ալի Հասան Հայտար» խմբաւորումը Շեպաայի բարձունքներուն վրայ ականահարումի թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը, որուն պատճառով վիրաւորուած են իսրայէլացի զինուորներ:
Այլ խօսքով` Հըզպալլա ստանձնեց ականահարումի պատասխանատուութիւնը:
Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու, արձանագրուած են երկու վիրաւորներ, մինչ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ականահարումին պատճառով վիրաւորուած են երեք իսրայէլացի զինուորներ:
Իբրեւ պատասխան այս գործողութեան, իսրայէլեան ուժեր ամբողջ մէկ ժամ ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններ, ինչպէս` Քֆարշուպան, Հըպպարիէն եւ Շեպաան, ինչպէս նաեւ իրենց օդուժով թռիչքներ գործեցին հարաւային Լիբանանի վերեւ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը Մազարեհ Շեպաայի մէջ գործուելիք քանդիչ արարք մը ձախողեցուցած են` սպառնալով խիստ պատասխան մը տալ:
Իր կարգին, իսրայէլեան բանակի բանբեր Աֆիխայ Ատրահի նշեց, որ իսրայէլեան ուժերը ականահարումի թիրախ դարձնելու այդ արարքին պատասխանատու են Լիբանանի կառավարութիւնն ու Հըզպալլան` վերջինս նկատելով ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Ատրահի շեշտեց, որ այդ արարքը վտանգաւոր է եւ Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը որեւէ ատեն իրաւունք ունի պատասխանելու այդ արարքին:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեցին, որ Մազարեհ Շեպաայի մէջ պատահածը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած ոտնձգութիւն մըն է:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը այդ դէպքին մասին հետաքննութիւն մը բացին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին երկու կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու:


