Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Հետեւեցաւ Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Ջանքերուն

October 8, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Ֆաուր եւ Սալամ
Ապու Ֆաուր եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իբրեւ կուսակցութիւն իրենք տակաւին համոզուած են, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ընդունի փոխանակման սկզբունքը:

Ան նշեց, որ նման որոշում մը չգոյացնելու պատճառով անցնող իւրաքանչիւր օր աւելի եւս կը վտանգէ առեւանգուած բանակայիններուն կեանքը:

«Մենք Թուրքիայէն կարեւոր չենք` նկատի ունենալով, որ ան իր զաւակները ազատ արձակելու համար ընդունեց փոխանակման սկզբունքը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախապէս Իսրայէլի հետ փոխանակումներ կատարուած են Դիմադրութեան մարտիկներ ազատ արձակելու նպատակով:

Վարչապետ Սալամ երեկոյեան ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որոնց հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու ջանքերը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին առումով ինք սկիզբէն ի վեր եղած է թափանցիկ եւ յայտարարած, որ ինք կախարդական գաւազան մը չունի այդ հարցը լուծելու եւ ոչինչ խոստացած է, սակայն յանձնառու մնացած է ամէն ջանք ի գործ դնելու` բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք կանխաւ իմացած է, թէ առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու համար իրենց գործը պիտի ըլլայ տարօրինակ, անբնական եւ խենթեցած խմբաւորումներու հետ, որոնց հետ ոչինչ կարելի է երաշխաւորել:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ քաթարցի պատուիրակը կը շարունակէ իր ջանքերը եւ ոչ մէկ միջոց կը խնայէ ազգային այս ճգնաժամին վերջ տալու նպատակով: Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային իրենց ջանքերը արդիւնաւորուին:

Անդրադառնալով Պրիթելի բախումներուն` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ անոնք նախատեսուած էին` նկատի ունենալով Լիբանանի հետ պայքարելու ահաբեկիչներուն ախորժակները:

Ակնարկելով իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ լիբանանեան բանակին ներկայացուելիք զինուորական օժանդակութեան` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ այդ օժանդակութեան մանրամասնութիւնները տակաւին անորոշ են:

Նախորդը

Մուքպել. «Բանակայիններու Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վերաբերող Օրինագիծը Մշակուած Պիտի Ըլլայ Մինչեւ Հոկտեմբերի Աւարտը»

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լաւ Ըմբռնելու Թիւ 1474 Բանաձեւը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.