
Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան բանակայիններու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծի մշակումին հետ կապուած հարցեր:
Նիստին ընթացքին կազմուեցաւ սեղմ յանձնախումբ մը, որ պիտի գործէ Մուքպելի գլխաւորութեամբ, եւ խորհրդարանը տեղեակ պիտի պահուի անոր աշխատանքին մանրամասնութիւններէն:
Մուքպել շեշտեց, որ բանակայիններու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող օրինագիծը մինչեւ հոկտեմբերի աւարտը մշակուած պիտի ըլլայ:


