
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Հանս Սթոլթընպըրկին` ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Այդ մասին կը յայտնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:


