Քաթալոնիական Պարսելոնա ակումբը մտադիր է 2016-էն ետք իր մարզաշապիկներուն վրայէն հանել բոլոր ծանուցումները, որոնք կը ներկայացնեն զինք հովանաւորող ընկերութիւնները:
«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ այս տարի կ՛աւարտի «Քաթար Սփորթց Ինվեսթմընթ» կազմակերպութեան հետ անոր կնքած պայմանագիրին ժամկէտը:
Երկու կողմերը պիտի քննարկեն համագործակցելու այլ տարբերակներ:
Պարսելոնայի պատմական աւանդութիւնն էր ակումբին շապիկին վրայ հովանաւորող ընկերութիւններուն ծանուցումը չտեղադրել: Սակայն տնտեսական ծանր վիճակին պատճառով 2011-ին այդ աւանդութիւնը խախտեցաւ:
Նշենք, որ 2006-2011-ին անոր շապիկին վրայ զետեղուած էր ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին նշանակը:


