Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերը «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքի սահմանադրութիւնը վիճարկելու խնդիրով դիմում ներկայացուցած են Սահմանադրական դատարան, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ տեղեկացուցած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
«Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքը յարակից փոփոխութիւններով սահմանադրութեան հակասելու վերաբերեալ դիմումը ներկայացուեցաւ Սահմանադրական դատարան (դիմումը եւ կից փաստաթուղթերը` 500 էջ)», գրած է պատգամաւորը:
Արծուիկ Մինասեան հրապարակած է նաեւ Սահմանադրական դատարան դիմելու դիմումնագիրը, որմէ կ՛երեւի, որ դիմումին տակ ստորագրած են ՀՅԴ եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւորները, անկախ պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոպելեան, ընդհանուր` 33 պատգամաւոր:
«Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքի սահմանադրականութիւնը վիճարկելու նախաձեռնութիւնը սկսած են ՀՅԴ եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնները: Քառեակի միւս երկու քաղաքական ուժերը` Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Ժառանգութիւնը, նպատակայարմար չէին նկատած այդ հարցով Սահմանադրական դատարան դիմելը, սակայն խոստացած էին աջակցիլ այդ նախաձեռնութեան:


