
Յունաստանի խորհրդարանը հերթական սկզբունքային որոշումը տուաւ` քննարկելով երկրին մէջ կրօնական համայնքներուն իրաւական կարգավիճակ տալու օրինագիծը: Խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկեց օրինագիծին:
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Աթէնքի մէջ հրատարակուող «Ազատ օր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հռիփսիմէ Յարութիւնեան ըսաւ, որ յունահայոց ազգային վարչութիւնը աւելի քան տարիէ մը ի վեր լուրջ աշխատանք կ՛իրականացնէր, որպէսզի յունահայոց թեմի հարցը նոյնպէս ներառուէր օրինագիծին մէջ: «Այսպիսով, Յունաստանի խորհրդարանի ընդունած օրէնքին համաձայն, յունահայոց թեմը ճանաչում ստացած է իբրեւ առաջնակարգ մակարդակի եկեղեցական իրաւական անձ», ըսաւ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան` աւելցնելով, որ մինչեւ օրինագիծին քննարկումը խորհրդարանի հրաւիրած յանձնախումբի նիստին մասնակցած են յունահայոց Ազգային վարչութենէն Ստեփան Փափազեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, որոնք ներկայացուցած են յունահայոց թեմի դերակատարութիւնն ու պահանջները:


