
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ արաբական երկիրներու ժողովուրդները լաւ վիճակի մէջ ըլլան եւ վերջ տրուի պատերազմներուն եւ ահաբեկչութեան, որոնք կը սպառնան արաբ ժողովուրդներուն եւ յաւելեալ ծայրայեղութեան կը մատնեն շրջանը:
Հարիրի յոյս յայտնեց, որ Ատհայի տօնը ըլլայ յոյս ներշնչող առիթ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ պահպանել Լիբանանը` արմատախիլ ընելով ահաբեկչութիւնը եւ զայն չէզոք պահելով առանցքային բոլոր խաղերէն:
Հարիրի զօրակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց զօրակցելու բանակին եւ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն, մինչեւ անոնց զաւակներուն ազատ արձակումն ու տունդարձը:
«Ատհայի տօնին առիթով մեր ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ, երբ առեւանգուած բանակայինները վերադառնան իրենց ընտանիքներուն: Այս մէկը պատասխանատուութիւն մըն է, որուն շուրջ անհրաժեշտ է ազգային միասնականութիւն գոյացնել եւ վճռակամ որոշում տալու նպատակով նախաձեռնել», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Փարիզի մէջ Հարիրի ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, եւ համաձայնութիւն մը գոյացաւ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնը պահելու` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը:
Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ նախանցեալ երեկոյեան մեկնած էր Ֆրանսա, նշեց, որ Փարիզ կատարած իր այցելութիւնը անձնական է եւ քաղաքական ոչ մէկ հանդիպում կ՛ընդգրկէ:
Ժոմպլաթ այս յայտարարութեամբ պատասխանեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ ինք Ֆրանսա մեկնած է հանդիպում մը ունենալու համար նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:


