
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխնախարար Պոպ Ուորք Միջազգային հարցերու ամերիկեան խորհուրդին մէջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է համոզուին, որ Չինաստանն ու Ռուսիան չեն պատրաստուիր ուժ կիրարկելու իրենց շրջաններուն մէջ եւ իրենք զիրենք անվտանգ կը զգան:
«Նախ եւ առաջ բացարձակապէս ակնյայտ է, որ այդ երկու երկիրները կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքերը իրենց սահմաններուն մօտ: Եւ ատիկա այն բաներէն մէկն է, որուն շուրջ մենք պէտք է աշխատինք յաջորդ քանի մը տարիներուն` յստակացնելու, թէ ո՛ր շրջանները անոնք իրենց համար կենսական կարեւորութիւն կը նկատեն», ըսած է Ուորք:
Ըստ անոր, Ուաշինկթըն պէտք է միջոցներ գտնէ համոզուելու համար, որ Փեքինի եւ Մոսկուայի մտադրութիւնները «չեն յանգեցներ ուժի կիրարկման, ինչ որ մեզ պիտի ստիպէ պատասխանել զինուորական ուժի կիրարկումով»:
«Մենք պէտք է ատիկա յստակացնենք եւ համոզուած ըլլանք, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը իրենք զիրենք անվտանգ կը զգան իրենց իսկ շրջաններուն մէջ», աւելցուցած է ան:
Փոխնախարարին կարծիքով` «այդ երկու երկիրները կը կարծեն, որ համաշխարհային կարգի կարգ մը երեւոյթներ, որոնք հաստատուած են վերջին 70 տարիներուն, անոնք կ՛ուզէին փոխել»:


