
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան շրջուն ջոկատը երէկ Արսալի Այն Շաապ շրջանին մէջ բացայայտած է երեք տոպրակներ, որոնց քննութենէն ետք ի յայտ եկած է, որ անոնք քիմիական նիւթեր են, որոնք կ՛օգտագործուին պայթումներու ընթացքին:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակի սակրաւորներուն համաձայն, այդ նիւթերը կը կշռեն 66 քիլոկրամ եւ միացուած են ելեկտրական պայթուցիչի մը` աւելցնելով, որ իրենք կրցած են զայն վնասազերծել:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ «Սքայ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաւանական նկատեց, որ Արսալի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ զինեալ բախումներ արձանագրուին` շեշտելով, որ լիբանանեան բանակը Արսալի բարձունքներուն վրայ իր դիրքերը ամրացուցած է եւ Արսալ գիւղաքաղաքը անջատած իր լեռնային շրջանէն, որպէսզի կարենայ շրջափակել զինեալները եւ արգիլել անոնց հասնող գումակային օժանդակութիւնը:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Հըզպալլա Արսալի ճակատումին չէ մասնակցած` աւելցնելով, որ անոր կեդրոնները բանակին անցարգելներէն շուրջ 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:
Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը կը խստացնէ սուրիացի գաղթականներու ապաստաններուն շուրջ իր հսկողութիւնը եւ կը ձերբակալէ կասկածելիները` աւելցնելով, որ Արսալի ճակատումներուն ընթացքին իրենք գաղթականներուն ապաստաններէն ուղղակի յարձակումի ենթարկուած են:
Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ արգելափակեալ Իմատ Ժումաա ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներէն է եւ իրեն հետ կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին խոստովանած է, թէ զինեալ խմբաւորումներ կը ծրագրէին յարձակիլ լիբանանեան բանակին դէմ եւ Պեքաայի մէջ շիիական եւ քրիստոնէական գիւղեր գրաւել` Լիբանանի մէջ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ հրահրելու համար:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը Թրիփոլիի մէջ բացայայտած է ահաբեկչական բջիջ մը` ընդգծելով որ իրենք այդ բջիջը կը հետապնդեն խաղաղ կերպով` առանց ճակատներ բանալու, արիւն թափելու եւ քաղաքայիններուն շարքին վնասներ արձանագրելու: «Սակայն խաղաղ միջոցներու անկարելիութեան պարագային, մենք պիտի դիմենք զինուորական լուծումին», ըսաւ ան:


