
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերուն պաշտօնաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն` ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով:
Ան շեշտեց, որ այդ մէկը երկրին գերիշխանութեան հետ կապուած հարց մըն է, որմէ կարելի չէ զիջիլ, այլ` անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել առեւանգուած բանակայինները ողջ-առողջ պահելու եւ զանոնք իրենց մեծ ընտանիքին` բանակին եւ ապա փոքր ընտանիքին` ծնողներուն եւ հարազատներուն վերադարձնելու նպատակով:
Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ իրենց համար կարեւոր է լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը պահպանել եւ զայն ոչ մէկ զոհողութեան ենթարկել:
Ան շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը զուտ ազգային է եւ համայնքային ոչ մէկ երանգ ունի:


