Նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ յայտնեց, որ երբ սուրիական բանակին կ՛արգիլուի իր հողերը մուտք գործել` ՏԱՀԵՇ-ը տապալելէ ետք, ապա ասիկա կը նշանակէ, թէ Թուրքիա որոշած է արկածախնդրութիւն կատարել, եւ կրնայ ամբողջ շրջանը պատերազմի մը սեմին գտնուիլ, իսկ թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ կորսնցուցած են իրենց բոլոր խաղաքարտերը:
Ժրայսաթի հաստատեց, որ Թուրքիան եւ թուրքերը վտանգաւոր արկածախնդրութեան մը սեմին կը գտնուին, եւ բոլորս գիտենք Իսրայէլի հետ ունեցած Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին, որոնք բացայայտ կը յայտարարուին: «Այս յարաբերութեամբ հանդերձ, Թուրքիոյ լուրջ վտանգներ կը սպառնան, որովհետեւ շրջանային պատերազմին բոցերը Թուրքիա պիտի հասնին», ըսաւ ան:


