
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով Եւրոպական յանձնաժողովի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ պատասխան նամակ գրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, որ 17 սեպտեմբերին անոր Ուքրանիա-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրին առնչութեամբ նամակ գրած էր:
Նամակին մէջ Պարոզօ յայտնած է «Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը Ռուսիոյ հետ խորհրդակցութիւնները շարունակելու վերաբերեալ, որոնք կապուած են Ուքրանիա-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի վաւերացման հետ»:
Նախապէս Քրեմլինէն հաղորդած էին, որ 17 սեպտեմբերին Ռուսիոյ նախագահը շարք մը ուղերձներ յղած է իր եւրոպացի գործընկերներուն` Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի իրականացման հետեւանքներուն մասին:


