Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Կրնայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամ Դառնալ 2 Յունուարէն

September 30, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0929_EEUՀայաստան արդէն իրականացուցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան ճամբու քարտեսը: Այս մասին ըստ «ՌԻԱ նովոսթի»-ի յայտարարած է Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութեան ԱՊՀ-ի երկիրներուն հետ Մաքսային միութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան մարմիններու հետ գործակցութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Աննա Սիսոյեւա, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին:

«Հայաստան կրնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ դառնալ արդէն 2 յունուար 2015-էն: Համաձայնագիրի վաւերացումը կ՛ընթանայ  զուգահեռ, բայց կարելի չէ ատիկա նոյն օրը ընել», ըսած է Սիսոյեւա` աւելցնելով, որ Ղազախստան այդ համաձայնագիրը պիտի վաւերացնէ 2 հոկտեմբերին, իսկ Պիելառուսիա` 7 հոկտեմբերին: «Բայց, ընդհանուր առմամբ, մենք կ՛ակնկալենք, որ 10 հոկտեմբերին, երբ նախագահները կը հաւաքուին Մինսքի մէջ, մենք անոնց համար յայտարարութիւն կը պատրաստենք այն մասին, որ բոլոր երեք երկիրները աւարտած են վաւերացումը եւ պատրաստ են 2015-էն անդամագրման համաձայնագիրին ուժի մէջ մտնելուն», աւելցուցած է ան:

Եւրասիական տնտեսական միութեան ընդլայնման կարելիութեան անդրադառնալով` Սիսոյեւա ըսած է, որ Խըրխըզիստանի մէջ այս պահուն ճամբու քարտեսը  կը մշակուի, իսկ Հայաստան արդէն ատիկա ըրած է:

«Միացման մասին համաձայնագիր պատրաստուած է, եւ եթէ ամէն բան կայանայ եւ չձախողի, մենք կ՛ենթադրենք, որ 10 հոկտեմբերին Մինսքի մէջ նման համաձայնագիր կը ստորագրուի, ինչ որ Հայաստանի համար կը նշանակէ 2015 թուականի 2 յունուարէն դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ», յայտարարած է Սիսոյեւա:

 

Նախորդը

Քրոտով. «Հայաստան, Անդամակցելով Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, Պիտի Դառնայ Միութեան Լիիրաւ Անդամ»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագիրի Կառավարիչը Տեսակցեցաւ Նախագահ Սարգսեանի Եւ Նախարար Նալբանդեանի Հետ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.